2013-02-23 13:06:46

Եգիպտոսի Մէջ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Հաստատումը` Միացեալ Դիրք Մը Բռնել Ոչ Քրիստոնեաներուն հետ։


Եգիպտոսի քրիստոնեայ համայնքաապետերը 18 փետրուարին ժողով գումարեցին վաւերացնելու քրիստոնեայ եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի սահմանադրութիւնը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Գահիրէի ս. Մարկոս աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցւոյ հինգ մեծ համայնքներու պետերը` ղպտի օրթոտոքս, կաթողիկէ, յոյն օրթոտոքս, անկլիգան եւ աւետարանական, մասնակցեցան ժողովին հիմնելով նոր մարմին մը որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ աշխատիլ եկեղեցւոյ համամիութեան համար ու միացեալ դիրք բռնել ոչ քրիստոնեաներու հետ գումարելիք ժողովներուն ընթացքին։ Նոյնպէս ժողովականները յանձն առին միացեալ նախաձեռնութիւններ որդեգրել ընկերային ու մշակութային գետնի վրայ։
Յայտնենք որ այս նոր խորհուրդի ստեղծումը կարելի եղաւ շուտով հաստատել, շնորհիւ ղպտի օրթոտոքս նոր պատրիարք` Թաուատրոսի համամիութենական ոգիին, ան ամէն ջանք թափեց որպէսզի շուտով կեանք առնէ եկեղեցիներու նոր խորհուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.